2011-11-06 10:12:41

<<Խաչը` Գթութիւնը ու Փառքը>> 25 նոյեմբերին Վատիկանի մէջ Համերգ Սիտայի հիւանդներուն ի նպաստ։
Երաժշտութիւնը կարող է ամոգել ցաւը։


Յառջիկայ 25 նոյեմբերին` Վատիկանի առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը <<Խաչը` Գթութիւնը ու Փառքը>> խորագրով` ի նպաստ Սիտայի, Մալարիայի եւ Թոքախտի հիւանդներուն։ Համերգի եկամուտը պիտի դրուի <<Բարի Սամարացի>> բարեգործական հաստատութեան տրամադրութեան տակ որ իր կարգին օգնութեան կը հասնի բոլոր անոնց որոնք զոհ են սիտայի, թոքախտի եւ մալարիայի հիւանդութիւններուն։ Ըստ Վատիկանի առողջապահութեան քահանայապետական հովուութեան խորհուրդին, խնամատարութեան շնրհիւ կարելիէ 20 տարիով երկարացնել հիւանդներու կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.